փակել փակել

Երգ բագոսի

Խոսք: Հ․ Վ․ Չագըճեան
Երաժշտություն:
Ակոռիին մեծ կարասին բոլորտիքն են բազմեր,
Աւագ իշխանքն, մեծ պարոնայք ժողովք են հոն կազմեր
Այո՛, այո՛, ժողովք են հոն կազմեր։

Սաստիկ է վէճն․ մեծ է խնդիրն զոր հոն տեղ կը խորհին,
Թէ ի՞նչ կերպով դարման մ'ընեն հիւանդ մեր աշխարհին,
Այո՛, այո՛, հիւանդ մեր աշխարհին։

Մէկն աս կ'ըսէ, մէկն այն կ'ըսէ կը ծագի լոյսն առտուն,
«Ինձ լսեցէք, տեարք, կը կանչէ աւանին պետն արթուն։
Այո՛, այո՛, աւանին պետն արթուն։

«Թող թագն առնու, կ'ըսէ, Բագոս եւ փառօք ապրի շատ,
Իսկ ցընծութիւնն ըլլայ դըշխոյ եւ գահն ալ յԱարտաշատ,
Այո՛, այո՛, եւ գահն ալ յԱարտաշատ։

Այսպէս մեզի նոր զուարթութեան արեւներ կը ծագին,
Առողջ կ'ըլլայ մեր ժամանակն եւ նոր՝ մեր աշխարհն հին
Այո՛, այո՛, եւ նոր մեր աշխարհն հին։
Աղբյուրներ: Ընդարձակ գրպանի երգարան (Հրատարակութիւն Պէրպէրեան գրատան - Բոստոն 1919)