Քո՛ւն եղի՛ր, պալաս, աչքըղ խուփ արա՛,
Քուն թող գա նախշուն աչքերուդ վըրա.
Իմ պալաս, օրոր, օրոր ու նանի,
Իմ անուշիկիս քունը կը տանի։
Մավի հիլուններ կախիլ եմ ես ալ,
Նազար չիս առնուլ, քո՛ւն եղիր, մի՛ լալ.
Իմ պալաս, օրոր, օրոր ու նանի,
Իմ անուշիկիս քունը կը տանի։
Աս քանի՞ մորըդ անքուն աչքովը
Անցիլէ օրեր օրոցքիդ քովը.
Իմ պալաս, օրոր, օրոր ու նանի,
Իմ անուշիկիս քունը կը տանի։
Օրոցքըղ օրրիմ, օրով բոյ քաշիս,
Մըղկըտած ծանով սիրտըս չի մաշիս.
Իմ պալաս, օրոր, օրոր ու նանի,
Իմ անուշիկիս քունը կը տանի։
Դուն ալ քո՛ւն եղիր, ինծի ալ քուն տուր,
Սուրբ Աստվածամայր, պապիկիս քուն տուր
Իմ պալաս, օրոր, օրոր ու նանի,
Իմ անուշիկիս քունը կը տանի։