Ազատութեան սիրոյն համար
Շատ արիւններ թափուեցան․
Նամեղ հայրեր ու զաւակներ
Եկան այստեղ թաղուեցան։
Ահա՛, եղբարք, ես ալ կ'երթամ
Ազգիս համար մեռնելու,
Ազատութեան սիրոյն համար
Ամբողջ կեանքըս զոհելու։
Գերեզմանիս հողին վրայ
Թափէ արցունք, իմ մայրիկ,
Սըփռէ ծաղիկ մուրումնաւէտ․
Նահատակ եմ ես յաւէտ։
Ահա այսօր Հայ եղբայրներ
Կուգան այստեղ ողբալու,
Նահատակաց հողին վըրայ
Աղի արցունք թափելու։
Ո՛վ եղբայրներ, դուք ալ ելէք
Գերեզմանիս խորերէն,
Ուրախացէք եւ ցնծացէք
Ազատութեան գոչերէն։
Աղբյուրներ: Ընդարձակ գրպանի երգարան (Հրատարակութիւն Պէրպէրեան գրատան - Բոստոն 1919)