փակել փակել

Երգ օրօրոցի

Խոսք: Բուրաստան; Ս․ Սահակյան
Երաժշտություն:
	«Մայրն»
Անուշ քնակն աչերն առեր,
Անուշ հովերն ալ տարուբեր․
Իմ տատրակիս քունն է եկեր,
Անուշ երգով ըսեմ օրօր։

	«Որդին»
Ես քուն չունիմ անգութ մայրիկ
Հերի՜ք աչքըս կապես, հերի՜ք․
Մէկ պահիկէն կ'ընեմ պաճիկ,
Իս արձակէ՜, մ'ըսեր օրօր։

	«Մայրն»
Մինչեւ չի լան մատաղ մանկիկ,
Ծիծ չեն իտար անոր գա՛ռնիկ․
Դուն չի լացած իմ մէկ հատիկ,
Ես ծիծ կուտամ կ'ըսեմ, օրօր։

	«Որդին»
Խըղճուկ սրտով ձայն եմ ձըգեր,
Կը ճըվճըվամ, դուն չես լսեր,
Անուշ ձայնիդ ես ըզմայլեր,
Ես կուլամ դուն կ'ըսես օրօր։

	«Մայրն»
Արցունքներդ մարգարիտի պէս,
Երեսդ ի վար ի՞նչ կը թափես․
Մի՛ լար, ձագուկ, մի՛ լար, մեղք ես,
Ո՞վ կ'ուզես, ան ըսէ օրօր։

	«Որդին»
Գիրկըդ ինծի հանգստարան,
Ծիծերդ բերնիս անուշ ծորան,
Իրիկուան դէմ պառկիլ օրրան,
Աչքըս կապէ, ըսէ օրօր։

	«Մայրն»
Քընացընեմ իմ աղաւնիս,
Մեծացընեմ սիրով սըրտիս․
Կարմիր վարդի նըման բացուիս,
Շուքըդ նստիմ, ըսեմ օրօր։

	«Որդին»
Քիչ մը թուլցուր թեւերս ոտքերս,
Ալ, թըմրեցաւ փափուկ մըսերս․
Անուշ մըրափն առնէ աչերս,
Հապա աըխմէ՛, կարդա՛ օրօր։

	«Մայրն»
Այդ սուտերով չեմ խաբուիր ես,
Կ'ուզես որ զիս նըստեցընեմ,
Չի քընանաս, ծիծըս ուտես,
Դատարկ տեղը ըսեմ օրօր։

	«Որդին»
Քիչ մը ճոր ճոր, քիչ մը ճար ճար,
Քիչ մը տան տան, քիչ մը պար պար
Քիչ մ'ալ պապան ա՛ռ հօպքա տա՛ր,
Քիչ մ'ալ մէն մէն, ետքը օրօր։
Աղբյուրներ: Ընդարձակ գրպանի երգարան (Հրատարակութիւն Պէրպէրեան գրատան - Բոստոն 1919)