Ահա՛ կ'երթամ, սիրելի մայր,
Ազգիս համար մեռնելու․
Քաջ ընկերօքս ես միասին,
Անգութ թրքեր ջարդելու
Մի՛ լար, մայր իմ, մ'ողբար, մայր իմ,
Վերադարձիս ըսպասէ,
Ազգիս հայոց ազատութեան
Տիւ եւ գիշեր աղօթէ։
Ահա՛ կ'երթամ, սիրելի քոյր,
Նպատակըս է բարի,
Չենք դիմանար մենք գերի ենք,
Իբր վեց հարիւր տարի․
Մի՛ լար, մայր իմ, մ'ողբար, մայր իմ,
Վերադարձիս ըսպասէ,
Ազգիս հայոց ազատութեան
Տիւ եւ գիշեր աղօթէ։
Ահա՛ կ'երթամ, սիրելի հայր,
Մնաս բարեաւ դու հիմա․
Այսքան ճնշման՝ տակ ինկած է,
Հայը ինչպէս դիմանայ։
Մի՛ լար, մայր իմ, մ'ողբար, մայր իմ,
Վերադարձիս ըսպասէ,
Ազգիս հայոց ազատութեան
Տիւ եւ գիշեր աղօթէ։
Ահա՛ կ'երթամ, սիրելի կին,
Քու արտասուք չը հոսէ,
Պատերազմի դաշտին վըրայ
Իմ ընկերը կը սպասէ․
Մի՛ լար, մայր իմ, մ'ողբար, մայր իմ,
Վերադարձիս ըսպասէ,
Ազգիս հայոց ազատութեան
Տիւ եւ գիշեր աղօթէ։
Աղբյուրներ: Ընդարձակ գրպանի երգարան (Հրատարակութիւն Պէրպէրեան գրատան - Բոստոն 1919)