Գըրող տանի քուրդ Աբօյին,
Իլաջ մացեր Արաբօյին․
Ըսպաներ է ջօջ ափօյին․
Զարթիր լաօ մըռնիմ քըզի։
Ջուր ե՞բ մնամ էլու դռներ,
Էրթամ գտնեմ զիմ խեղճ գառներ,
Սուքեմ զիմ բաղչա, ծառեր․
Զարթիր լաօ, մըռնիմ քըզի։
Դէն իրիշկէ գալող ո՞րն է
Քաջ Արաբօ բաղդաւորն է,
Կարմիր իրիցանց զինւորն է,
Զարթի՛ր լաւօ, օգնէ՛ Հայուն։
Խեղճ մշեցին մնաց լալով,
Հեռու երկիրներ ման գալով,
Մեռաւ թուրքի պարտքը տալով,
Զարթիր լաօ, մըռնիմ քըզի։
Ոտքի կայնէ կտրիճ Խերան,
Զօրքով գնա առաջ ուրան,
Սալլաթ մէհրու բաժին խուրբան, -
Զարթիր լաօ, մըռնիմ քըզի։
Սէֆիլ, շիվար մացած Հայեր,
Էղած անտէր, բնաւեր հաւքեր
Տէ՛ր, դու փրկէ, պահէ արթուն,
Զարթի՛ր լաօ, օգնէ՛ Հայուն։
Աղբյուրներ: Ընդարձակ գրպանի երգարան (Հրատարակութիւն Պէրպէրեան գրատան - Բոստոն 1919)