Կըռո՛ւնկ, ուստի՞ կուգաս, ծառայ եմ ձայնիդ,
Կըռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս․
Մի՛ վազեր, երամիդ շուտով կը հասնիս․
Կըռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս․
Թողեր ու եկեր եմ մըլքերս ու այգիս,
Քանի որ ա՛խ կանեմ, կու քաղուի հոգիս․
Կըռո՛ւնկ պահ մըկեցի՜ր ձէնիկդ է հոգիս․
Կըռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս։
Քեզ խապար հարցնողին չես աներ տալապ․
Ձենիկդ անուշ կուդայ քանց ջրի տօլապ․
Կըռո՛ւնկ, Պաղտա՞տ իջնուս թէ ի Հալապ․
Կըռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս․
Սըրտերնիս կամեցաւ, ելանք գընացանք,
Այս սուտ աստընւորիս տարտերն իմացանք,
Աղու հաց կեր մարդկանց կարօտ մընացանք,
Կըռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս։
Աստընւորիս բաներն կամաց կամաց է,
Մի՜թէ Աստուած լըսէ, դըռնակն բաց է,
Ղարիպին սիրտն ի սուգ աչերն ի բացցէ,
Կըռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս․
Աստուա՜ծ, քեզնէ կ'ուզեմ մուրվէթ ու քէրէմ,
Ղարիպին սիրտն է խոց ճիկէրն է վէրէմ,
Խըմած ջուրն է լեղի հացը հարէմ․
Կըռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս։
Ո՛չ ըզլուր օրն գիտեմ, ո՛չ ըզԿիրակին,
Զարկած է զիս շամփուրն՝ բըռնած կըրակին,
Այրիլըս չեմ հոգար, ղարիպ կու մեռնիմ․
Կըռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս․
Ի Պաղտատ կուգաս, կ'երթաս ի Սահրաթ,
Թըղթիկ մը գրեր եմ, տամ քեզ ամանաթ,
Աստուած ալ թող վըկայ լինի քու վըրադ,
Տարեալ հասուսցես զայդ իմ սերելեաց։
Գըրեր եմ մէջ թըղթիս՝ թէ հոս մնացի,
Օրիկ մի օրերուս՝ զաչերս չի բացի,
Սիրելիք, ձեզնէ կարօտ մնացի
Կըռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս․
Աշունն է մօտեցեր՝ գընալու ես թէտպիր,
Երամներ ես ժողվեր՝ հազարներ ու բիւր,
Ինձ պատասխան չի տըւիր՝ ելար գընացի՛ր։
Կըռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն գնա՛ հեռացիր։
Աղբյուրներ: Ընդարձակ գրպանի երգարան (Հրատարակութիւն Պէրպէրեան գրատան - Բոստոն 1919)