Դու զո՞վ խնդրես, մայր իմ անուշ․
Ե՛կ, մի՛ դողար, մօտեցիր հոս,
Անլաց աչքով դիտէ զորդիտ,
Ու իւր վէրքերն արիւնահոս։
Քըրդաց մայրեր թող լան ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։
Ինչպէս երբեմն․ օրրանիս մէջ
Կակուղ ձեռքով փայփայելով,
Մանկիկ մարմնոյս հանգիստ տայիր՝
Իբրեւ հրեշտակ նըւագելով․
Զիս հանգչեցուր ի հող ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։
«Նորեկ որդւոյս կենացն արեւ
Ձեզի համար փայլի, Հայե՛ր,»
Այսպէս յանժամ դու կ'երգէիր,
Օրօրոցիս նըստեալ քովեր։
Անոնց համար շիջաւ, ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։
Կարմիր կայլակք ցայտեն վէրքէս,
Սակայն, մա՜յր իմ, նայէ չորադին,
Զարիւնռուշտ սա քիւրտերըն տե՛ս,
Հազարներով փռուած գետին,
Կերաւ զանոնք սուրն մեր, ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։
Մըռընչեցին ինչպէս վիշապ
Ու մեր վրայ յարձակեցան․
Ո՜վ հայրենիք, ի հուր ի բոց
Քո համար մեր սիրտ վառեցան։
Կարմիր ներկան ձորք մեր, ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։
Ու ծափ զարկին մեր հարց ըստուերք․
Զի չէ՛ մեռած Հայոց կըրակ,
Ու ցնծացին այնչափ զոհեր,
Զի լուծաւ վրէժ յարեան վըտակ․
Խնդաց Մասիս, մա՜յր իմ ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։
Վերջին համբոյր տամ քեզ, մա՛յրիկ,
Հատուցանես զայն սիրուհւոյս,
Վերջին անգամ գրկեմ մեր հող,
Ուր արդ կիջնեմ ի ծոցն անլոյս։
Խաչ մը տնկէ վըրաս, ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։
Աղբյուրներ: Ընդարձակ գրպանի երգարան (Հրատարակութիւն Պէրպէրեան գրատան - Բոստոն 1919)